Gaghtakayanen Bzhshkutiun

$24.95

From Refugee Camp to Medicine

SKU: BLB0215 Categories: , , , ,

Description

Ծնած եմ 1933-ին, Պէյրութի արուարձաններէն Պուրճ Համուտի Թիրո թաղի գաղթակայանին մէջ, որուն բնակիչները ամբողջութեամբ կը բաղկանային Ցեղասպանութենէն մազապուրճ հայերէ: Փայտաշէն ու թիթեղաշէն խրճիթներէ կազմուած գաղթակայան մը, ուր անցան կեանքիս առաջին 27 տարիները՝ մթութեան, աղմուկի, աղքատութեան և մտահոգիչ հիւանդութիւններու մթնոլորտին մէջ: Պատանութեանս տարիներէն սկսեալ զիս կը հրապուրէր բժշկական ասպարէզը, որ այդքան ալ դիւրամատչելի չէր թուեր. մանաւանդ իր ուսումնական երկարատեւ և ծախսալից անխուսափելի պարտադրանքով: Սակայն, ի հեճուկս խոչընդոտող անպատեհութիւններուն, երբեմն հրաշքով, յաճախ դիպուածով բայց միշտ յամառ կամքով և յարատեւ աշխատանքով կարելի եղաւ հասնիլ նպատակիս. գաղթակայանէն բժշկութիւն:

Additional information

Weight 2 kg