Kavrosh-Name

$29.95

My Memoirs on Theater and Journalism

Description

Գիրքը կը բովանդակէ պոլսահայ, յետագային’ ֆրանսաբնակ եւ հայաստանաբնակ խմբագիր ու դերասան Երուանդ Թօլայեանի (Կավռօշ, 1883-1940?) յուշագրութիւնը: Թօլայեանի յուշագրութեան ինքնագիրը, գրուած 1936-1937 թթ. Երեւան եւ ամփոփուած 12 մատեաններու մէջ (700 էջ), կը պահպանուի Երեւանի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը: Յուշագրութիւնը արեւմտահայերէն է, սակայն կան նաեւ արեւելահայերէնի  որոշ քերականական ձեւեր: Շարադրուած է 1922-1940 թուականներուն Սովետական Հայաստանի մէջ կիրառուած նոր ուղղագրութեամբ, զոր փոխած ենք դասականի’ կատարելով որոշ շտկումներ (օրինակ, բազմաձեւ գրութեամբ բառերը միօրինակ դարձուցած ենք): Կատարուած են նաեւ ուղղագրական որոշ շտկումներ: Առաջին անգամ ամբողջութեամբ տպագրուող փաստալից այս յուշագրութիւնը հիմնականին կը ներկայացնի 20-րդ դարու առաջին քառորդին Պոլսոյ հայկական եւ թրքական պատմամշակութային կեանքը’ առանցքին ունենալով թատերական ասպարէզը: Հատորն ունի յառաջարան, ծանօթագրութիւններ:

Դերասաններու’ գիրքին մէջ տեղ գտած շիրիմներու լուսանկարներուն հեղինակն է լուսանկարիչ Պերճ Արապեան: Պատմական բացիկներն ու դերասաններու լուսանկարները իր հաւաքածոյէն ազնուաբար տրամադրած է հաւաքորդ Եդեմ Չուպուքճուօղլու: Լուսանկարներ տրամադրած են նաեւ դերասան ու խմբագիր ժիրայր Չոլաքեան (Փարիզ), պատմաբան Նեսիմ Օվատիւս Իզրաիլ: Կարգ մը լուսանկարներ ալ ապահոված ենք մամուլին ու տարբեր կայքէջերէ:

Additional information

Weight 2 kg