Description
Kindergarten-level textbook used by many Armenian schools to teach Western Armenian to the 5-year-old student. Teaches basic words and letters and how to write them. Includes a phonetic pronunciation key of the Armenian alphabet in English letters.
Դասագիրքը յատկապէս պատրաստուած է Հայ Վարժարաններու 5 տարեկան աշակերտներուն համար: Տրուած ըլլալով որ այս տարիքի մանուկը կը սիրէ խաղալ՝ դասագիրքին մէջ լայն տեղ տրուած է վարժութիւն-խաղերու, անոնց միջոցաւ զբաղած պահելու համար մանուկը: Այս դասագիրքին մէջ տեղ գրուած նիւթերը մանուկին առօրեայ կեանքին հետ կապ ունեցող նիւթեր են: Հոն տրուած են նաեւ Հայերէն Այբուբենը, երկրաչափական քանի մը ձեւեր, աղօթք, թուանշաններ, գոյներ եւ այլն:
Այս դասագիրքը բաղկացած է 32 դասերէ եւ իւրաքանչիւր դաս վեց էջերէ: Իւրաքանչիւր դասին մէջ տրուած են խօսելավարժութիւն, գրավարժութիւն, հայոց պատմութիւն, կրօնք, թուանշան, Հայ հերոսներ, տօնական օրեր, աւանդութիւններ, պատմութիւններ, ձեռային աշխատանքներ եւայլն:






