Yerek Pztik Garnuknere

$15.95

The Armenian Version of The Three Little Pigs

SKU: BKT0288 Categories: , , , ,

Description

Այս հայերէն տարբերակին մէջ, երեք պզտիկ գառնուկները Ջերմուկ կ’երթան իրենց սեփական տուները շինելու եւ իրենց Մայրիկին հպարտացնելու: Սակայն, չարամիտ գայլ մը վճռած է գառնուկի ճաշ ուտել, ինքզինք ծպտելով եւ իբրեւ փախլավա բերող դրացի մը եւ Ջերմուկի հանքային ջուր ծախող պատանի մը ներկայացնելով: Տուներ կը փլցուին եւ ուրիշ սատանայական խորամանկութիւններ կը բացայայտուին, մինչեւ որ վերջապէս գայլը ոռիկը կ’այրէ տաք մածուն ապուրի մը մէջ:

Կենսուրախ, լիագոյն նկարազարդումներ կենդանութիւն կու տան պատմութեան, ներկայացնելով գեղեցիկ հայկական բնանկարներ եւ կերպարներ որոնք տիպականօրէն հայեցի են:

Վայելք մը հայ երախաներու համար…

Additional information

Weight 0.5 kg